ԾՐԱԳԻՐ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի, 1991 թ.

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի Կարգախօսները՝
– Զինեալ պայքարը եւ քաղաքական ճիշդ գիծը ուղին են Հայաստանի
– Կեցցէ՛ իրաւազրկուած ժողովուրդներու յեղափոխական միասնութիւնը

ԾՐԱԳԻՐ
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի
1991 թ.

1- Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը ծնունդն է հայ նորագույն սերունդին եւ իր մեջ կը մարմնացնէ համայն Հայութեան դարավոր ձգտումներն ու իր ճակատագրին եւ երկրին տեր ըլլալու անտեղիտալի կամքը:
Այս գիտակցութեամբ, ան ինքզինք համարատու կը նկատէ հայ ժողովուրդին եւ կը ծառայէ միայն անոր գերագոյն շահերուն, եւ ուրիշ ոչ մեկ կողմի կամ հատուածի, ինչպես նաեւ՝ ոչ մեկ ուժի կամ պետութեան: Հայ ժողովուրդի հավաքական կամքէն ավելի բարձր ոչ մեկ ուժ կամ հեղինակութիւն կը ճանչնայ, կամ կþընդունի, եւ կþենթարկուի միա՛յն անոր:

2- Հայութիւնը հիմնական եւ անյետաձգելի նպատակ ունի ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը եւ բռնագրաւեալ այլ հողամասերը:
Այս է Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի միակ նպատակը, զոր իրագործելու համար ընտրած է զինեալ պայքարի ուղին: Այս ընտրութիւնը պարտադրուած է հայ ժողովրդին, որովհետեւ Թուրքիա եւ անոր զորավիգ կանգնող կայսերապաշտ պետութիւնները կը կիրառեն բիրտ ուժի եւ բռնամիջոցներու գործածութիւնը՝ Հայաստանն ու Հայութիւնը վերջնականապես բնաջնջելու մտադրութեամբ: Անոնք առանց անսալու կամ կարևորութիւն ընծայելու միջազգային հանրային կարծիքին եւ նույնիսկ ոտնակոխելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրած մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան որոշումները՝ վճռած են ուժով եւ բռնութեամբ անարդար ու անմարդկային լուծումներ պարտադրել հայ ժողովրդին եւ օրինականացնել անոր դեմ գործադրուած ցեղասպանութեան ոճիրը: Զինեալ ուժով ժողովուրդներ ընկճելով ստրկացնելու տրամաբանութիւնն է ասիկա, որի դեմ կարելի է պայքարիլ միա՛յն զենքով:
Այս տրամաբանութեան իսկ պարտադրած պայմանների բերումով, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կը գործէ իբրեւ զինվորական կազմակերպութիւն, եւ անխուսափելիորեն ուրեմն կը վստահի առավելաբար զինեալ յարատեւ պայքարի, կիրարկելով ուժի քաղաքականութեան բոլոր տարբերակները:

3- Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը դասական ըմբռնումով քաղաքական նպատակներ հետապնդող շարժում կամ կուսակցութիւն մը չէ, այլ իր ժողովուրդին եւ անոր հայրենիքի ազատագրութեան նուիրուած կազմակերպութիւն: Ինքնիրեն որոշ ու յստակ առաքելութիւն մը սահմանած ըլլալով, ան չի հետաքրքրուիր քաղաքական սին մարզանքներով եւ բացարձակապէս կը մերժէ մասնակից դառնալ միջկուսակցական մրցակցութեան, վեճերու կամ հակամարտութեանց:
Ընդհակառակն՝ ան կը ձգտի եւ իր կարելի բոլոր միջոցներով կը փորձէ միասնականութիւն ստեղծել հայկական բոլոր հոսանքներուն, կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ, որպէսզի համայն Հայութիւնը կարենայ իր հավաքական կամքի զօրութեամբը, նիւթական-տնտեսական ու գիտական միջոցներով, իր ամբողջ ուժը ի սպաս դնել հայկական բռնագրաւեալ հողամասերու ազատագրութեան:
Նոյն մտահոգութեամբ ան կը ջանայ հնարավոր բոլոր միջոցներով քաջալերել եւ կազմակերպել սփիւռքահայութեան վերադարձը դէպի Հայաստան, ինչպես նաև արգելք հանդիսանալ օտար պետութիւններու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուող ազգակործան արտագաղթին:
Այս՝ որպէսզի հայ ժողովուրդը ամբողջ կարենայ մոտ ապագային մեկտեղուիլ մէկ եւ միացեալ Հայաստանի մեջ եւ տեր կանգնիլ անոր՝ այս կերպ հեշտացնելով նաեւ իր հողային, ազգային եւ մարդկային իրավունքներու պաշտպանութիւնը:

4- Հիմնուած այն համոզումին վրայ, թե Հայկական Դատը լոկ ազգային ազատագրական է իր էութեան մէջ, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը վարդապետական կամ գաղափարախոսական նպատականեր չի հետապնդեր եւ կը մերժէ միջազգային քաղաքական հակամարտութեանց մասնակից դառնալ: Հայ ժողովուրդը շահ չունի մեծ պետութիւններու եւ անոնց ենթակայ քաղաքական հակադիր հոսանքներու միջեւ մղվող շահադիտական հակամարտութիւններէն, եւ իրականութեան մէջ ցարդ միայն տուժած է անկէ:

5- Ազատագրական պայքարը պետք է շարունակուի առանց ընդմիջումի կամ ընկրկումի, մինչեւ որ Հայութիւնը վերատիրանայ իր հողային եւ մարդկային իրավունքներուն ու վերահաստատուի իր հայրենի հողի վրա: Թուրք ցեղասպան պետութիւնն ու անոր մեղսակից մեծ պետութիւնները պետք է գիտնան և համոզուին, թէ չեն կրնար հանգիստ ու խաղաղ մնալ այնքան ատէն, որ չեն սրբագրեր Հայոց դեմ գործուած անարդարութիւնը եւ այնքան ատէն, որ Հայութեան կը զլացուի մարդկային համահավասար իրավունքներ վայելել իր իսկ երկրին մէջ:

6- Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը Արեւմտեան Հայաստանի եւ բռնագրաւուած հայկական բոլոր հողամասերու ազատագրումէն ետք աւարտած կը համարէ իր առաքելութիւնը: Ազատագրուած Հայաստանի իշխանութիւնը կը ստանձնեն հոն վերահաստատուած հայ զանգվածները, որոնց բացարձակ իրավունքն է որոշել իրենց նախընտրած իշխանութեան ձեւը եւ ընտրել իրենց իսկապե՛ս ներկայացնող իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը:
Հայութիւնը ի՛նք պետք է որոշէ, թէ ինչպէս պիտի ծրագրէ եւ վարէ իր հաւաքական, ընկերային եւ պետական կեանքը, բնականաբար երբ վերահաստատուի պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն իրեն պատկանող երկրին մէջ: Ոչ մէկ ուժ, ըլլայ ան օտար պետութիւն, միջազգային հոսանք կամ շարժում, ու նոյնիսկ ոչ մէկ հայ կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն, իրաւունք ունի որոշ հասարակարգ կամ վարչակարգ մը պարտադրելու անոր:

7- Պատմական Հայաստանի պահպանուած պատառիկը նկատելով ամբողջական Հայաստանի կերտման կորիզ՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը սատար կը հանդիսանայ հոն հաստատուած հայ ազգային պետականութեան, իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներով:

8- Աշխարհը ամբողջ, իր մեծ ու փոքր պետութիւններով, չի կրնար խաղաղիլ ու մատչիլ վերջնական ապահովութեան՝ այնքան ատեն, որ կան իրավազրկուած ժողովուրդներ, որոնց երկիրները կը մնան գրաուած ծավալապաշտ պետութիւններու կողմէ եւ որոնք կը ենթարկուին բռնութեան, հալածանքի եւ բնաջնջումի սպառնալիքին՝ հարկադրուած ըլլալով իրենց գոյութիւնը քարշ տալ յարատեւ զրկանքի եւ անապահովութեան մէջ:

9- Իրաւազրկուած այլ ժողովուրդներու վրայ ի գործ դրուած բռնութեան եւ զանոնք ստրկացնելու ձգտող քաղաքականութեան դիմաց՝ նույն ճակատագրին ենթակա հայութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ. անխուսափելիօրէն, ուրեմն, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը, հայ ժողովուրդի զգացումներուն հարազատ թարգմանը հանդիսանալով, զօրավիգ կը կանգնի անոնց – նամանավանդ, Միջին Արեւելքի տարածքին մղուող ազատագրական պայքարներուն – ու նոյն հավատքով եւ վճռականութեամբ կը պաշտպանէ անոնց դատերը, պայմանաւ, որ իրենց հետապնդած նպատակները չհակադրուին հայկական գերագոյն շահերուն:

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)