Եկէ՛ք, երկրաշարժի 30րդ տարելիցի կապակցութեամբ, տուն նուիրենք փոքրիկ Անահիտին

November 5, 2018 Lousavor Avedis Հայաստան, Ռահել Ֆոնտ 0

Post Views: 688

#donate4anahid #donate4Gyumri #30years #Earthquake #7december1988

Սիրելի հայրենակիցներ,

քանի մը օրէն` Դեկտեմբեր 7-ին, կը լրանայ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցը: Ինչպէս գիտէք աւերուեցան քաղաքներ, շրջակայ գիւղեր ու բնակավայրեր, ու զոհուեցաւ 25 հազարէն աւելի մարդ, 500 հազար մարդ մնաց անօթեւան:

Նոյն այս վայրկեանիս` 30 տարի անց, աւերիչ երկրաշարժի իբրեւ հետեւանք, հարիւրաւոր ընտանիքներ կ’ապրին անօթեւան, առանց տանիքի, ջուրի, ելեկտրականութեան ու առանց կեանքի ամէնէն տարրական միջոցներուն:

Դժբախտաբար, ինչ-ինչ պատճառներով, հայկական նորանկախ պետականութիւնը չէ կարողացած ամբողջութեամբ վերականգնել իրավիճակը ու թիկունք կանգնիլ այդ չքաւոր ընտանիքներուն:

30-րդ տարելիցի առիթով` Ռատիօ Եանի անձնակազմը որոշեց իր համեստ միջոցներով մասնակից դառնալ ու կազմակերպել դրամահաւաք մը` հանգիստ, տաքուկ արժանապատիւ բնակարան նուիրելու կարիքաւոր ընտանիքի մը:

Ահա’ւասիկ այդ ընտանիքը, որուն որոշեցինք օգնել` համագործակցութեամբ գիւմրիի «Շիրակ կենտրոն» կազկակերպութեան հետ:

«Ուր որ ալ գտնուինք, ինչ որ ալ ընենք, վերջաւորութեան պիտի մնայ մեզի այն՝ ինչ որ պիտի նուիրենք կարիքաւորին:»

Հետեւաբար` կոչ կ’ուղղենք աշխարհասփիւռ հայութեան ու բարեկամներուն, մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, միահամռօրէն, համախբուած տրամադրութեանբ մասնակցելու այս դրամահաւաքին, ու այդպիսով օրինակ դառնանք աւելի մեծ ծրագիրներու իրականացման, եւ մանաւանդ դիկունք կանգնինք իբրեւ աշխարհասփիւռ հայեր Հայկական նոր շունչ ու սկիզբ առած պետականութեան ու ժողովուրդին

Եկէ՛ք, երկրաշարժի 30րդ տարելիցի կապակցութեամբ, ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ ձեռք մեկնենք Հայրենիքին:

Սրտանց շնորհակալութիւն՝ Ռատիօ Եան անձնակազմ

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)