ԱՐԱ-ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԵՆԻԳՈՄՇՈՒԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՇՈՒԵՑԱՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃՈՒՄ

ԱՐԱ-ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԵՆԻԳՈՄՇՈՒԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՇՈՒԵՑԱՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃՈՒՄ

(Յունուար,1981թ.)

Երբ Հայկական Հարց կ’ըսուի, երբեմն կը յիշուին 19-րդ դարու վերջերը եւ մանաւանդ 20-րդ դարու սկիզբը գործադրուած ջարդերը, որոնց զոհը եղան հայերը:

1975, 60-րդ տարելից Հայերի ցեղասպանութեան: Նոր հաշուեյարդարի տարի մը: Արդիւնքը… միշտ ոչինչ: Զերօ: Դէպի ետեւ:
Թուրքիան կ’ուրանար միշտ Հայկական Հարցին գոյութիւնը: Իսկ աշխարհը չէր ուզեր լսել ո՛չ հայերուն, ո՛չ ալ Հայաստանի մասին: Տնտեսական եւ ռազմագիտական շահերը նախընտրուեցան ժողովուրդի մը արդար իրաւունքներէն:

Վաթսուն տարի սպասելէ ետք, վաթսուն տարի ջանքեր թափելէ ետք եւ խաղաղօրէն պայքարելէ ետք, այսքան տարիների խոնարհեցումէ ետք, հայ ժողովուրդը վերջապէս հասկցաւ, որ ոչինչ կը տրուի ձրիաբար, ան հասկցաւ, որ եթէ կ’ուզէ վերականգնել իր արդար իրաւունքները, ան պէտք է վճարէ իր արիւնով: Եւ hայկական պայքարող կազմակերպութիւնները ստեղծուեցան (նկատի ունի Հայաստանի Ազատագրության Հայ Գաղտնի Բանակ եւ Հայոց Ցեղասպանության Արդարության Մարտիկներ կազմակերպությունները – խմբ.):

Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, յատկապէս այս վերջին վաթսուն տարիներու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձառութիւնը միւս ընկճուած ժողովուրդներուն, աշխարհի բոլոր կողմերը փաստեցին, որ զինեալ պայքարը կը մնայ կարեւորագոյն միջոցը վերականգնելու մեր արդար իրաւունքները: Եւ մենք դիմեցինք զինեալ պայքարին:

Այսօր մեզ կ’ամբաստանեն իբր ահաբեկիչներ, բայց ահաբեկիչ բառը ի՞նչ նշանակութիւն ունի: Ինծի համար ահաբեկիչն այն անձն է, որ իր գործով նպատակ ունի վախցնելու: Մենք նպատակ չունինք վախ ազդելու: Մենք ահաբեկիչներ չենք: Մենք ֆաշիստներ չենք: Մենք կը պայքարինք մեր դատին համար եւ մեր իրաւունքներուն համար:

Կ’ընդունիմ այս դատապարտութիւնը հպարտութեամբ եւ իսկոյն կ’աւելցնեմ, որ կայ երկու ձեւի բռնութիւն: Կայ բռնութիւն ճնշողին կողմէ եւ կայ բռնութիւն ճնշուողին կողմէ: Այդ բռնութիւնը, որ մենք կը գործածենք ճնշուողինն է: Եթէ շարունակենք ծռել մեր գլուխները ճնշումներու առջեւ ու նուաստանանք, այն ատեն՝ իբր ժողովուրդ, իրաւունք չունինք ապրելու: Սակայն մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կ’ուզէ ապրիլ, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ արգիլել, մեր իրաւունքն է բիրտ ուժին դիմելը, այն ժամանակէն ի վեր, երբ հարցին լուծում մը գտնելու բոլոր խաղաղ միջոցները գոցուեցան:

Աւելին կրնամ ըսել: Եթէ երբեք բիրտ ուժի դիմելը ընդհանրապէս նկատուած է իբր յանցանք կարգ մը երկիրներու օրէնքներուն կողմէ, նոյնն է պարագան, երբ բիրտ ուժի կը դիմուի՝ մեզ արգիլելու մեր հարցը լուծել: Մեզ մղեցին գործածելու մեր ուժը: Եթէ մեզ կ’ուզեն դատապարտել, քանի որ մենք ուժ գործածեցինք, ուրեմն պէտք է նաեւ դատապարտել անոնց, որոնք մեզ մղեցին գործածելու այս բիրտ ուժը, Թուրքիան եւ միւսները:

Հայկական Հարցը գոյութիւն ունի եւ պէտք է անոր լուծում մը գտնել:

Բոլոր կարելի միջոցները, որոնք այս հարցը լուծումի մը կրնային հասցնել, գիծ քաշուեցաւ: Միայն մնաց զինեալ պայքարի ուղին: Եթէ կ’ուզեն այս միջոցը նոյնպէս արգիլել, այն ժամանակ թող հայ ժողովուրդը քարտէսին վրայէն աւրեն:

Ահա՛ թէ ինչու հայ ժողովուրդը զինեալ պայքարը ընտրեց:
Ահա՛ թէ ինչու մարտնչող կազմակերպութիւնները ստեղծուեցան:
Ահա՛ թէ ինչու ընդունեցի առաքելութիւնս գործադրել:
Ահա՛ թէ ինչու ես՝ Արա-Ալեքսանտր Ենիգոմշուեանս, կը պատրաստէի երեք պայթուցիկ ռումբեր 1980-ի հոկտեմբերի 3-ի գիշերը:

Բախտը, աւելի ճիշդը իմ սխալս ուզեց, որ ես չյաջողիմ առաքելութիւնս գործադրել:

Բարոյականս բարձր է: Ես չեմ զղջացած այս ճամբան զատած ըլլալուս համար, քանի որ գիտեմ ինչու համար կը պայքարիմ: Մեծ համոզում ունիմ իմ դատիս հանդէպ: Միշտ ալ համոզուած եմ, որ զինեալ պայքարը կը մնայ կարեւորագոյն միջոցը վերատիրանալու համար մեր իրաւունքներուն:

Ես գիտեմ ով է թշնամիս: Ես զէնքս կ’ուղղեմ միայն այս թշնամիին դէմ: Գիտեմ՝ ինչու ես այնքան բաներ զոհեցի: Ես իմ պարտականութիւնս միայն ըրի: Հայ ժողովուրդը տուած է միլիոններով նահատակներ իր պատմութեան ընթացքին, ես առաջինը չեմ եւ վերջինն ալ պիտի չըլլամ:

Մեր պայքարը տակաւին երկար պիտի շարունակուի:

ՀԱՀԳԲ-ի «Հայաստան» պաշտօնաթերթ,
Բացառիկ, թիւ 6, ապրիլ, 1981թ.

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)