Հրամանագիր. «Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ շարունակող պետութիւն»

Թիւ 12 – 2014-02-23

Որոշում` յիշեցում, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ, որը կ՛հանդիսանա 1920-ին ճանաչուած հայկական պետութեան` Հայաստանի, շարունակութիւնը:

Հայկական պետութեան` Հայաստանի, անկախութիւնը ճանչցուած է 1920 թուականի Յունուար 19-ին:

Սեւրի պայմանագրի 93-րդ յօդուածով հաստատուած են Հայաստան պետութեան մէջ բնակուող փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Յօդուած 1 – Հիմք ընդունելով այն փաստերը, որ Հայկական պետութիւնը Դաշնակից տէրութիւններու կողմէն` «տէ ֆաքթօ» ճանչցուած է 1920 թ. Յունուար 19-ին եւ «տէ իւրէ» 1920 թ. Մայիս 11-ին, կը յայտարարենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան) կը հանդիսանայ Հայկական պետութեան` Հայաստանի, շարունակող պետութիւն:

Յօդուած 2 – Հաշուի առնելով վերոնշեալ փաստերը, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր, իբրեւ Հայկական պետութեան` Հայաստանի շարունակող, պարտաւորութիւն կը կրէ` բոլոր ուխտերով, պայմանագրերով, համաձայնագրերով եւ դատավճիռներով, որոնք կայացուած են 1920 թ. ճանչցուած Հայկական պետութեան` Հայաստանի, կողմէն:

Հայաստան պետութեան անկախութեան պաշտօնական ճանաչումները

1917 թուականի Դեկտեմբեր 29-ի հրամանագիրով Ռուսաստանի Սովետական ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդը (Սովնարկոմ) կը ճանչնայ Արեւմտեան Հայաստանի (Տաճկահայաստանի) անկախութիւնը:

1919 թուականի Փետրուար 12-ին Արեւմտեան Հայաստանի հայերու Ազգային պատուիրակութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը կը հանդիպին Փարիզի մէջ գումարուած Խաղաղութեան վեհաժողովի ծիրէն ներս, որպէսզի ներկայացնեն յուշագիր հայ ժողովուրդի պահանջներուն վերաբերեալ, որ յետագային՝ 1919 թուականի Փետրուար 26-ին, կը ներկայացուի Վերսալեան խաղաղութեան խորհրդաժողովին:

Այս փաստաթուղթը, Ազգերու Լիգայի եւ Դաշնակից տէրութիւններու հովանաւորութեան ներքոյ, կը պահանջէ մասնաւորապէս Հայաստան պետութեան անկախութեան ճանաչումը, որ կազմուած է Արեւմտեան Հայաստանի 6 վիլայեթներէն, Կիլիկիայէն, ինչպէս նաեւ նոր հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութենէն:

Ներկայացուած պահանջներուն ի պատասխան Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդը 1920 թ. Յունուար 19-ին կայացուցած է հետեւեալ որոշումը եւ «տէ ֆաքթօ» ճանչցած է Հայկական պետութիւնը.

1) Հայկական պետութեան կառավարութիւնը կը ճանչցուի, իբրեւ կառավարութիւն,

2) այս որոշումը չի կանխորորոշեր Հայկական պետութեան սահմաններու հարցը:

1920 թուականի Յունուար 27-ին Խաղաղութեան վեհաժողովի քարտուղարութիւնը այս երկու որոշումները պաշտօնապէս ներկայացուցած է Հայ Ազգային Միացեալ պատուիրակութեան:

1920 թուականի Մայիս 11-ին թիւրքական պատուիրակութիւնը կը հրաւիրուի վեհաժողով, ուր անոր կը ներկայացուին «Խաղաղութեան պայմաններ»-ը: Դաշնակից Ուժերու մէջ էր նաեւ Հայկական պետութեան պատուիրակութիւնը: «Խաղաղութեան պայմաններ»-ու նախաբանին մէջ, որ յետագային դարձաւ Սեւրի դաշնագրի նախաբանը, Հայաստանը նշուած է Դաշնակից տէրութիւններու շարքին: Հայկական պետութիւնը ճանչցուեցաւ նաեւ «տէ իւրէ»:

1920 թ. Օգոստոս 10-ին ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, որուն 88-93-րդ յօդուածները կը վերաբերին Հայաստան պետութեան:

1920 թ. Նոյեմբեր 22-ին ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը վաւերացուց Իրաւարար վճիռ` «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահի որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի, Հայաստանի ծով ելքի եւ հայկական սահմանին յարակից թիւրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ»:

Արմենակ Աբրահամեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)