Արարատի Գագաթը Ծածկած «Ամպային Գլխարկ»ը Զարմացուցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան Բնակիչները

March 22, 2018 Lousavor Avetis, Արեւմտեան Հայաստան
21 ՄԱՐՏ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Արարատի գագաթին նկատուած ուշագրաւ բնական երեւոյթը քննարկումներու առիթ դարձած է թուրք օգտատէրերու մէջ:

«Թուրքիոյ Հանրապետութեան ամենաբարձր կէտին վրայ բացառիկ բնական երեւոյթ նկատուած է: Լեռը, կարծես, ամպերէն հիւսուած գլխարկ դրած էր»,-«Թերթի փոխանցմամբ՝ մեկնաբանած է դիտարժան նկարը հրապարակած Rusturkey.com կայքը:

Նշենք, որ Հայաստանի խորհրդանիշներէն մէկը՝ Արարատ լեռը, կը գտնուի այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն 28.5 քմ հեռաւորութեան վրայ: Անիկա Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր կէտն է:

yerakouyn.com

Please follow and like us:

Enjoy this blog? Please spread the word :)